Շրջանաւարտից Վարչութիւնը Եւ Տիկնանց Յանձնախումբը Կը Պատուեն Ուսուցիչները

Tue, 2 May 2023

7 և 8 Մարտ 2023ին, յաջորդաբար, առաւօտեան զբօսանքներուն, Տնօրէնութիւնը և ուսուցչակազմը հաճոյքը ունեցան ընդունելու Միութեան Շրջանաւարտից վարչութենէն և Տիկնանց Յանձնախումբէն անդամներ, որոնք եկած էին շնորհաւորելու մեր վարժարաններու ուսուցիչները, իրենց նուիրեալ, անձնազոհ ու գիտակից ուսումնական պարտականութեանց համար, իրենց համադամներն ու նուէրները փոխանցելով հայ մտքի ու դաստիարակութեան առաքեալներուն, փոխադարձ սիրալիր ու գնահատելի մաղթանքներով:

 

Տնօրէնութիւն-Ուսուցչակազմ Եւս Կ'ոգեկոչեն

«Ուսուցչաց Տօն»ը

ՀԲԸ Միութեան Կրթական Յանձնախումբի ու տնօրէնութեան շնորհակալ հիւրասիրութեամբ, 8 Մարտ 2023ի յետմիջօրէին, կրթական մշակները ի մի եկան իրենց տօնը հաւաքաբար ու միասնաբար նշելու, սերտ ու մտերմիկ, անկեղծ ու հաճելի տրամադրութեան մէջ, զուարթախոհ արտայայտութիւններով, միտքերու փոխանակումով, ու ծրագիրներու արձանագրումով, միշտ մեր վարժարաններու բարեկարգման և յառաջդիմութեան հաշւոյն:

Համեղ համադամները և անոյշ կենացները, խանդավառող երաժշտութեան ու նուագակցութեան կողքին, յաւելեալ ժրաջանութեան արժանացան, ուսուցիչ՝ Պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեան դառնալով մղիչ ուժը, իր դաշնամուրային կատարողութեամբ:

Teachers Day Reception 1.jpg
257 KB
View
Teachers Day Reception 2.jpg
325 KB
View
Teachers Day Reception 3.jpg
285 KB
View

Name
Title
Comment