Յարգանքի Յայտագիր. Նուիրուած՝ Ուսուցիչներուն

Tue, 2 May 2023

«Ուսուցչաց տօնը», անտարակոյս, վերածնունդ աւետող հորիզոն մըն է, սակայն, իր մնայուն փայլատակումով ու ճառագայթումով, որովհետեւ հայ ուսուցիչն է, որ կը պատուէ, կ'արժեւորէ, նոր սերունդները դաստիարակելով ու զօրակցելով անոնց աճումին ու թրծումին:

Եթէ հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը պահած է ու պաշտպանած, ատիկա եղած է գլխաւորաբար հայ ուսուցիչին հովանաւորութեամբ և առաջնորդութեամբ, որուն առաքելութիւնը ոչ միայն անփոխարինելի է, այլեւ՝ գերգնահատելի, անոր շնորհիւ հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթը ու հայապահպանումի երթը նկատելով գերիվեր որեւէ նկատառումէ կամ հաշուարկէ:

Հայ դպրոցը մնացած է կանգուն ու կենսունակ, որովհետեւ ատիկա գերազանցապէս իրականացած է հայ ուսուցիչին շունչով ու վաստակով, ճիգերով ու ներդրումներով, միշտ հիմնուելով մեր հարուստ անցեալի հոգեկան ու բարոյական ազգային արմատներուն կառչած մնալու լաւատեսութեամբ ու վճռականութեամբ:

Հայ դպրոցը եղած է խարիսխը հայկական ինքնութեան արմատաւորումին, ուսուցիչն ալ անոր ամրակուռ սիւնը, հայ միտքերը լուսաւորելու, հայ հոգիները բիւրեղացնելու գնով:

*

* *

Մեր վարժարաններու 8 Մարտի ատենամարզանքը նուիրուած էր հայ ուսուցիչները մեծարելու նախաձեռնութեան, «Ուսուցչաց տօն»ին առիթով, որ աւանդաբար կը կայանայ զայն արժանիօրէն նշելու հաւատարմութեամբ:

Այս տարի, աշակերտութիւնը բացառիկ խանդավառութեամբ նախապատրաստուած էր այս տօնին, ուսուցիչները շնորհաւորելով, յաջողութիւններ մաղթելով և յուշանուէրներ պատրաստելով, սակայն, այդ բոլորը դրսեւորուեցան գեղարուեստական ինքնատիպ յայտագիրով մը, զոր ներկայացուցին գրեթէ բոլոր դասարանները:

Յատկանշական սկիզբ մըն էր, փոխան բացման խօսքի, Ե. դասարանի հաւաքական «Աղօթք»ը, նուիրուած «Ուսուցիչ»ին, որուն միջոցով անոր փառաբանանքը արտասանուեցաւ, խոր սիրով և անկեղծ զգացումներով, գովքը հիւսելով անոր նկատմամբ սիրոյն, համակրութիւններուն ու գրաւչութիւններուն:

Ապա, նոյն դասարանը, թատերական ակնարկով մը, ներկայացուց դպրոցական-ուսուցչական կեանքէն հաղորդական պատկեր մը, որուն հետեւեցաւ արտասանութիւն մը, դարձեալ նուիրուած ուսուցիչներուն օրինակելի դերակատարութեանց ու ներգործութեանց դպրոցներէն ներս:

Սանուհի Սիմա Ապաճեանի, հուսկ, Ա. դասարանի աշակերտութեան արտասանութիւնները ի նպաստ ուսուցիչներուն կատարած շնորհաշատ կրթութեան վսեմ գործին, աւելի շեշտեցին իրենց սէրը իրենց դաստիարակներուն նկատմամբ:

Այնուհետեւ, Ա. դասարանի կատարողութեամբ մատուցուեցաւ երգեցողութիւն, իսկ Գ. դասարանը՝ «Քան-քան»ի պար մը, որոնք նոյնպէս ուսուցիչները պատուելու գողտրիկ առիթներ էին:

Ը. Դասարանի աշակերտութիւնը, ոգեւորութեամբ արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Դաստիարակը», իսկ Զ. դասարանը՝ «Սրտի խօսք»ը, ուղղուած էր ուսուցիչներուն, մինչ «Երախտիքի խօսք»ը արտասանեց՝ Էնտրիւ Յակոբեանը (9րդ դասարան):

Թատերական պերճախօս պատկերով հանդէս եկաւ Ա. դասարանի աշակերտութիւնը, ներկայացնելով ուսուցիչ-աշակերտ կատակախառն զրուցավարութիւն մը:

«Ողջոյնի երգ»ով Բ. դասարանը երգեցողութիւն մը հրամցուց, ապա, աշխոյժ պարով մը՝ «Waka waka», զուարթ ու վառվռուն ոգեւորիչ մթնոլորտ մը բաշխեց աշակերտութեան:

ԺԲ. դասարանի աշակերտութիւնը, հետաքրքրական, պատկերաւոր ու զուարճախօս ոճով մը, տուաւ իր ուսուցիչներուն նկարագրային բնաւորութեան գիծերը, կարողութիւններուն ցայտուն կողմերը և ընդհանրապէս արտայայտութեանց բարեմասնութիւնները, որոնք բոլորն ալ ընդունուեցան ջերմ ծափահարութիւններով:

Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, իր հիացմունքը արտայայտեց այս գեղեցիկ ու խնամուած յայտագրին համար, ուր հայ ուսուցիչը կը մնայ պատնէշի վրայ, արժանաւորապէ՛ս, ապա, խորհրդածութեան կարգով, անդրադարձաւ ուսուցիչ ըլլալու և այդ առաքելութեան ճամբուն վրայ, սերունդներ դաստիարակելու վեհ գործին, յուսալով որ՝ ապագային, այդ նուիրական ասպարէզը ընդգրկող թեկնածուներ ալ կը յայտնուին հայ իրականութենէն ներս:

Այս առիթով, Պրն. Տնօրէնը նաեւ շնորհաւորեց այն ուսուցիչները, որոնք այս տպաւորիչ յայտագիրը կազմակերպեցին և յաջողցուցին:

Teachers Day 2.JPG
4.2 MB
View
Teachers Day 3.JPG
1.3 MB
View
Teachers Day 4.JPG
3.9 MB
View
Teachers Day 5.JPG
3.7 MB
View
Teachers Day 6.JPG
3.7 MB
View

Comments
Name
Title
Comment