Զեկուցում՝ «Արհեստական Բանականութեան» Մասին - Ներկայացնող՝ Դոկտ.Հմայեակ Փարթամեան

Mon, 13 Mar 2023

Արհեստագիտութիւնը հսկայական քայլերով կը յառաջդիմէ, նորանոր գիւտերով, նուաճումներով և իրագործումներով, մարդկութեան ու մանաւանդ նոր սերունդին պարգեւելով հարուստ գիտելիքներ, հնարքներ և ընտրանքներ:

Այսպիսի շահեկան զեկուցում մը հրամցուեցաւ մեր վարժարաններու վերի կարգի աշակերտութեան (3 Փետրուար 2023ին), նիւթ ունենալով «Արհեստական Բանականութիւն»ը (Artificial Intelligence), իր զանազան նպաստներով, բերած օժանդակութիւններով ու ծառայութիւններով:

Զեկուցողն էր՝ մեր նախկին շրջանաւարտներէն, Դոկտ. Հմայեակ Փարթամեան, որ այս մարզէն ներս յաջողած և յարգուած մասնագէտ մը եղած է և իր փորձագիտութեամբ ծանօթ անուն մը, Լիբանանէն ներս թէ դուրս, որուն ներկայացուց ու ծանօթացուց փոխ-տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մարալ Պալեօզեանը:

Դոկտ. Հմայեակ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց այս հրաւէրին համար և ուրախութիւնը, իր սիրելի դպրոցի աշակերտութեան առջեւ հանդէս գալու իր մասնագիտութեան զեկուցումով:

Ան արագ ակնարկ մը նետեց արհեստագիտական զարգացումներուն վրայ, բազմաթիւ օրինակներ նշելով և անոնց բարեմասնութիւններուն անդրադառնալով, շեշտելով որ արհեստագիտականութիւնը մեծ օգտակարութիւն կը բերէ մտքի և ուղեղի թարմացումներուն և այդ ձեւով ալ մարդարարած-մարդամեքենայ զոյգը, համագործակցութեամբ ու համախորհրդակցութեամբ, կրնան հրաշքներ գործել, աշխարհը աւելի արդիւնաւէտ և օգտաշէն դարձնելով, իր բացատրութիւններն ու նկարագրութիւնները պատկերելով պերճախօս երիզներով:

Աշակերտութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ այս նորակերտ գիտութեան արժեւորումին, տեղ-տեղ ալ հարցումներ ուղղելով զեկուցողին, իսկ աւարտին, տնօրէնութիւնը շնորհակալական խօսքով գնահատեց զինք, մինչ աշակերտութիւնը զինք պատուեց գեղեցիկ ծաղկեփունջով մը:

 

Artificial Intelligence 1.JPG
4.1 MB
View
Artificial Intelligence 2.JPG
3.7 MB
View
Artificial Intelligence 3.JPG
4 MB
View
Artificial Intelligence 4.JPG
3.8 MB
View

Comments
Name
Title
Comment