Անտարակոյս, շրջանաւարտութեան հասած (կամ հասնող) աշակերտութեան մեծամասնութիւնը, այժմէն կը նախապատրաստուի իր ընտրելի ասպարէզին կամ մասնագիտութեան մասին մտածելու, հետեւաբար, իր նախասիրած մարզին հետեւելու, համալսարանական կրթութիւն ստանալու հեռանկարով:
Բարեբախտաբար, այդ բոլորը նոր սերունդին ներկայացնելու համար, կան բազմաթիւ համապատասխան հիմնարկներ ու հաստատութիւններ, նաեւ՝ պատկան փորձագէտներ, որոնք կրնան հետաքրքրուող աշակերտութեան ուղղութիւն տալու, զեկուցումներով և կենդանի օրինակներով:
Այս առընչութեամբ, 10 Փետրուար 2023ին, մեր հիւրն էր՝ Պրն. Էլիաս Հասսունը, որ մօտիկ բարեկամ մըն է մեր աշակերտութեան ու սիրով ընդունած էր հրաւէրը, զեկուցելու հրատապ նիւթի մը մասին, ինչ կը վերաբերի ասպարէզներ ընտրելու և արեւելումներու հետեւելու գործնական կարելիութեանց, հետեւեալ «Career Guidance and Orientation» յայտագիրով:
Պրն. Տնօրէնը ներկայացնելէ ետք դասախօսը, ձայնը տուաւ անոր, աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալու այս կարեւոր նիւթին:
Զեկուցողը, որ փորձառու ու վաստակաւոր հեղինակութիւն մըն էր ու լաւածանօթ աշակերտութեան հետաքրքրութիւններուն ու հոգեբանութիւններուն, դէպի նոր հորիզոններ ուղղելու ճամբուն վրայ, լայն բացատրութիւններով պարզաբանեց իր նիւթին այն մասերը, որոնցմով աշակերտութիւնը կը զինուի ու կը լուսաբանուի, իր ասպարէզին և արեւելումին գծով, ճշգրիտ անցում մը կատարելու, որուն համար, ան թելադրութիւններու ու ցուցմունքներու ճոխ օրինակներով հարստացուց աշակերտութեան ճիշտ ընտրութեան և զարգացման հեզասահ կարելիութիւնները:
Աշակերտութիւնը մեծապէս գնահատելի գտաւ այս զեկուցումը, որմէ շատ բան ունէր ճիշդ կողմնորոշուելու, մինչ Պրն. Տնօրէնը ջերմապէս շնորհաւորեց Պրն. Հասսունը: