Այս տարի Վարդանանց տօնակատարութիւնը զուգադիպեցաւ դժուարին պայմաններու, մէկ կողմէն՝ սաստիկ ցուրտի, միւս կողմէն՝ երկրաշարժային յաջորդական շարժերու պատճառներով, սակայն, ուսուցչակազմը ամէն ճիգ թափեց, զայն նշելու պատշաճ ձեւով, նոյն եռանդը վարակուեցաւ նաեւ աշակերտութեան:
Բեմը ամբողջովին կը բուրէր վարդանանց պատերազմի սխրագործութեան հետ առընչուած պերճախօս պատկերներով և իմաստալի վկայութիւններով:
Բացման խօսքը կատարեց վարժարաններուս սաներէն՝ Այգ Չըլտըրեան (11րդ դասարան), որ հակիրճ, սակայն բովանդակալի իմաստով, արժեւորեց Վարդանանց հերոսամարտի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Այնուհետեւ, ընթացք առաւ ճոխ յայտագիրը, ուր խմբերգներ, արտասանութիւններ, նուագներ, պարեր հրամցուեցան, բոլորն ալ նուիրուած Վարդանանց տօնակատարութեան, հետեւեալ յաջորդականութեամբ ու կատարողութեամբ.
Խմբերգ «Վարդան» Ե. Դասարան
Նուագ՝ Կարէն Պաղսարեան
Արտասանութիւն «Ձօն» Ժանէթ Ճունթոյեան, Կայէլ Զոպոյեան
Արտասանութիւն «Վարդանանք» Դ. դասարան
Խմբերգ «Մենք Քաջ Վարդանի Տոհմէն Ենք»
Նուագ «Հիմի Էլ Լռենք», «Գողթնի Քնարք» Կարէն Պաղսարեան
Խմբերգ «Աւարայրի Դաշտ» Զ. դասարան
Արտասանութիւն «Վարդանանց Տօն» Ա. դասարան
Արտասանութիւն «Խորհուրդ Վարդանանց» 7րդ դասարան
Պար «Մշոյ Քոչարի» Գ. դասարան
Յայտագիրը նաեւ ուշագրաւ էր իր հինգ մասերով, ուր աշակերտները կը շեշտէին իրենց ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ եթէ կը գտնուէին օտար ափերու կամ շրջանակներու մէջ: Կատարողներն էին՝ Քաթրին Թիւթիւնճեան, Բերլա Քիւրտեան, Մարիլին Քարամ, Հէյլի Աբրահամեան, Նժդեհ Գալտընեան:
Տպաւորիչ էր նաեւ «Դանիէլի Հաւատքը» թատերական հատուածը, ուր Պարսիկ-Հայ յարաբերութեան ընդմէջէն, կը ներկայացուէր Քրիստոնէական պատկանելիութենէն գողտրիկ տեսարան մը, մինչ հայրենի ականաւոր գեղանկարիչ Գրիգոր Խանճեանի որմնանկարը, իր տաղանդաւոր հայերու հոյլով, սանուհի Մարալ Կիրիթլեան (11րդ դասարան) ներկայացուց հետաքրքրական բացատրութիւններով ու նկարագրութիւններով:
Անտարակոյս, աշակերտութիւնը լիացած դուրս եկաւ այս իւրայատուկ տօնակատարութենէն, վայելած ըլլալով անոր ջերմութիւնն ու հարազատութիւնը, իսկ Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, իր սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեց մասնակից աշակերտութիւնը, նաեւ շնորհակալութիւն՝ կազմակերպիչ ուսուցիչներուն, լաւագոյնս յաջողցնելու այս ատենամարզանքի պահը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ ամէն ոք հաւատարիմ պէտք է մնայ իր լեզուին և ինքնութեան, անոր մէջ դաստիարակիչ դերը պատկանելով, ամենէն առաջ ծնողքին, գլխաւորութեամբ՝ հայ մօր: