Մեր ձեռքը բարձրախօս տուին, որ երգիչներու նմանինք,
Բարեկենդան, Բարեկենդան, ամէն կողմ դիմակներ կան:
Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, ուրախութիւն, զուարճանքի օր ...
Բարեկենդանը հայկական ամենասիրուած ու ժողովրդական տօներէն մէկն է: Ըստ աւանդութեան, տօնին կը պատրաստուէին ընտանիքին բոլոր անդամները՝ առանց բացառութեան: Մարդիկ կը զուարճանային, կ'երգէին, կը պարէին, ճոխ սեղաններ կը սարքէին, խաղեր եւ ներկայացումներ կը կազմակերպէին:
Մենք, որպէս հայ կրթօճախ` ամուր կառչած մնալով մեր ազգային աւանդութիւններուն, ամէն տարի իւրայատուկ կերպով կը նշենք Բարեկենդանը եւ այլ տօներ, որպէսզի մատղաշ սերունդները հաղորդ դառնան մեր սովորութիւններուն, սիրեն ու գնահատեն հայկական բարքերը:
Այս տարի, Մանկապարտէզի Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2023-ին:
Որոշուած ժամուն աշակերտները ծպտուելէ ետք հաւաքուեցան Մանկապարտէզի սրահին մէջ, ուր եռանդով երգեցին Բարեկենդանի եւ Վարդան Մամիկոնեանի յիշատակին նուիրուած զանազան երգեր, ապա իրենց մասնակցութիւնը բերին հաւաքական խաղերուն ու դասարանային մրցումներուն, ճաշակեցին համեղ քաղցրաւենիներ եւ օրուան աւարտին ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան տուն իրենց հետ տանելով հաճելի օրուան մը քաղցր տպաւորութիւնները:
Շնորհաւոր Բարեկենդան,
Բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան: