Հաճելի ու Ժամանցելի Ողջերթ` 12րդ Դասարանի Շրջանաւարտութեան Առիթով

Mon, 13 Jun 2022

Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2022ին, հաճելի ու ժամանցելի պահեր ապրեցան մեր վարժարաններէն շրջանաւարտ աշակերտութիւնը (Բ. պաքալորէա), պետական քննութիւններու նախօրեակին կազմակերպելով ողջերթի յայտագիր մը, ի ներկայութեան տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, կարգ մը ծնողներու և նախկին շրջանաւարտներէն ոմանց, որոնք եկած էին բաժնեկցելու աշակերտութեան, իրենց զաւակներուն ու կրտսեր  դասընկերներուն այս յիշարժան առիթը:

6րդէն մինչեւ 11րդ դասարաններու աշակերտութիւնը եւս ներկայ էր այս միջոցառումին, զայն վայելելու ու քաջալերելու անհամբերութեամբ:

Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸ Միութեան ու ՀԵ Ընկերակցութեան քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, շրջանաւարտուհի Լիլա Մելքիսէթեան, բացման խօսքով ողջունեց բոլոր ներկաները, կարեւորելով այս միջոցառումը ու բարի վայելում մաղթելով բոլորին:

Այնուհետեւ, յայտագիրը մեկնարկ առաւ, իր զանազան բաժիններով, ինչպէս՝ երգիծախառն երկխօսութիւններ ու պատկերներ, դասարանային, ընկերային ու զրուցային դրուագներ, դպրոցական առօրեայէն վկայութիւններ, որոնք բոլորն ալ համեմուած էին գեղեցիկ, զուարճալի ու հաղորդական արտայայտութիւններով:

Յատկանշական էին համարեա իւրաքանչիւր շրջանաւարտի շնորհակալութեան և երախտագիտութեան սրտի խօսքերը, ուղղուած իր տնօրէնութեան, ուսուցչութեան, ծնողքին և առհասառակ դպրոցական անմոռանալի կեանքին, ուրկէ դաստիարակուեցան, կրթուեցան ու շատ բան սորվեցան, խոստանալով միշտ հաւատարիմ մնալու ՀԲԸ Միութեան առաքելութեան, մեր վարժարաններուն լուսաւորութեան յարատեւման, քաղաքացիական պարտաւորութեանց, հայրենիքի նուիրուածութեան ու ծառայութեան, իրենց ստացած դաստիարակութեան տեսիլքով, լիցքով ու գիտելիքներով:

Այս բոլորը կ'ընթանային, մերթ ընդ մերթ, դպրոցական կեանքէն տեսարաններու, նկարներու ու տեսերիզներու ցուցադրութեամբ, ուր աշակերտութիւնը, իր զանազան երեւումներով, շարժումներով ու մատուցումներով, կ'արտայայտէր իր մտերմութիւնը ու սերտակցութիւնը իրարու նկատմամբ, միշտ կառչած մնալով, դպրոցա-ընկերային անկեղծ, բուխ ու հարազատ մթնոլորտին, որմէ, սնունդ առած էին երկար տարիներ, կոփուելով ու շփուելով այդ շինիչ ոգիին վարակող ազդեցութեան ներքեւ:

Նարեկին (սաքսիֆոն), Համբիկին (դաշնամուր) ու Հրակին (օրկ) հոյակապ կատարումները, միաձոյլ երաժշտական ունկնդրութեամբ, մեծապէս խանդավառեցին ներկաները, որոնք ջերմ ծափողջոյններով դիմաւորեցին զիրենք:

Խմբապարերը և խմբերգները աւելի ոգեւորեցին ակնդիրները, յատուկ փայլք տալով ներկայացումին, որուն համար շրջանաւարտները արժանացան յաւելեալ ծափերու:

Միջոցառումը վերջ գտաւ հայրենի հանրածանօթ երգ՝ «Վերջին Զանգ»ով, երբ շրջանաւարտները զայն երգեցին մեծ սիրով ու հնչեղութեամբ ու պարային արտայայտիչ շարժումներով:

Վերջաւորութեան, Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, յայտնապէս ոգեւորուած շրջանաւարտ(ելի) աշակերտութեան հրամցուցած գողտրիկ յայտագրէն, իր սրտի խօսքը բանաձեւեց՝ Աստուածաշունչէն քաղուած հատուածով մը, տալով սերմնացանին օրինակը, ուր ան  իր սերմերը ցանած ժամանակ, մէկ մասը կը փճանան, անբերրի տեղեր սփռուած ըլլալով, իսկ կարեւոր մէկ մասը, պարարտ, այս ձեւով ունենալով բերքաւոր հունձք, ընթացիկ տարուան շրջանաւարտները նմանցնելով այս վերջնոյն արտաբերութեան:

 Ան ջերմապէս շնորհաւորեց շրջանաւրտ դասարանային այս գովելի ու տպաւորիչ նախաձեռնութիւնը, մաղթելով որ նոյն ոգեւորութիւնը կ'ապրին բոլորը երբ՝ պետական քննութեանց յաջողութիւնները կը դառնան կատարեալ:

Այս առիթով՝ Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ այս յայտագիրը կազմակերպող և յաջողցնող՝ ուսուցիչներ Տիկ. Ռոզին Չըլտըրեանին, Պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանին, Տիկ. Թամարա Շիր Յակոբեանին, Տիկ. Վարիա ճունթոյեանին, Օրդ. Սօսի Ալոզեանին, որոնք բծախնդրութեամբ ու ջանադրութեամբ նպաստած եղան այս միջոցառման յաջողութեան:

Grade 12 Farewell 1.JPG
3.1 MB
View
Grade 12 Farewell 2.JPG
1.5 MB
View
Grade 12 Farewell 3.JPG
948 KB
View
Grade 12 Farewell 4.JPG
1 MB
View
Grade 12 Farewell 5.JPG
1 MB
View
Grade 12 Farewell 6.JPG
1.2 MB
View

Name
Title
Comment