Ուսանելի Այցելութիւն՝ «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Thu, 9 Jun 2022

Մեր վարժարաններու աշակերտութիւնը գրեթէ ամէն տարի կ'այցելէ Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ը, ծանօթանալու անոր ներքին կառոյցներուն, ուսման ընթացքին, զբաղումներուն և ընդհանրապէս առօրեային:

Այս տարի եւս, 6 Մայիս 2022ին, ուսուցչուհիներ՝ Արմիկ Եաղլեանի, Մանիշակ Ալեքսանեանի, Թալին Մելիքեանի և Լէյլա Ֆարհաթի առաջնորդութեամբ, 6-9րդ դասարաններու աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ  «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան եւ «Թռչնոց Բոյն», տեղւոյն վրայ ծանօթանալու այս կարեւոր կրթական-բարեսիրական-մարդասիրական հաստատութեան առաքելութեան:

Յիշեցնենք, որ այս որբախնամ և որբահաւաք դպրոցը ծնունդ առած է Մեծ Եղեռնին որպէս արդիւնք, երբ բազմահազար երեխաներ մնացած էին անտէր-անտիրական, իսկ անոնց հաւաքին ու պատսպարութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանի շուէտացի Մէյրի Ճիքիպսընի, որ առանձինն յանձն առաւ այդ երեխաները համախմբելու, դառնալով անոնց հոգեհարազատ «մայր»ը և խնամակալը, ապաստան, ուսում, կրթութիւն ու տիրութիւն ապահովելով անոնց:

Պատասխանատուները սիրով ընդունեցին աշակերտները, որմէ ետք՝ առաջին հերթին, մուտք գործեցին թանգարանը, ուր կար հարուստ գրադարան մը, հայերէն և օտար լեզուներով, պատմական վաւերաթուղթեր, փաստաթուղթեր, վկայութիւններ, լուսանկարներ, արձանիկներ, որոնք առընչութիւն ունէին Հայոց Ցեղասպանութեան և անոր հետեւանքներէն առաջացած գիտելիքներուն:

Յատկանշական ու բաւականին յուզիչ էր մազապուրծ փրկուած որբերու հաւաքական նկարը, մանաւանդ անոնց կենդանի ձայներով, ինչ որ աւելի կը շեշտէր սպանդին դառնութիւնները և անոնց ձգած ազդեցութիւնները այդ անմեղ մանուկներուն վրայ:

Նահատակուած գրողներու ու մտաւորականներու լուսանկարները եւս տպաւորիչ էին:

Այնուհետեւ աշակերտութիւնը շրջեցաւ դպրոցի զանազան մասերը, դասարանները, ճաշարան, սրահ, խաղավայր, նոյնիսկ՝ խոհանոց, որոնք բոլորն ալ արդիական էին ու լաւ կահաւորուած, հանգստաւէտ պայմաններով:

Յիշատակելի էր աշակերտութեան գոհունակութիւնը, իր ստացած տպաւորութիւններով և յուշագրութիւններով, որոնց համար շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ ընկերակցող ուսուցչուհիներուն:

280001235_5269345953085875_2386266436835913020_n.jpg
287 KB
View
280185174_5269345959752541_1623148556501785612_n.jpg
149 KB
View
280371065_5269345949752542_401563025150787179_n.jpg
168 KB
View
WhatsApp Image 2022-05-06 at 2.20.04 PM.jpeg
257 KB
View

Name
Title
Comment