«Ուազնաթ»-Աշակերտութիւն Օգտաբեր Հանդիպումներ

Thu, 9 Jun 2022

«Waznat» կազմակերպութիւնը, որ ծանօթ է իր դաստիարակչական, արհեստագիտական, ընկերաբանական ու հոգեբանական հարուստ փորձառութիւններով, կը շարունակէ իր գիտելիքներով, զեկուցումներով և յարաբերութիւններով, ծառայել լիբանանեան ընկերային, կրթական, մշակութային թէ միութենական շրջանակներուն:

ՀԲԸ Միութեան վարժարանները բախտաւոր են, որ վերջին տարիներուն սերտ համագործակցութեան մէջ են տուեալ կազմակերպութեան պատասխանատուներուն հետ, յաճախակի հանդիպումներով ու հաւաքներով, կազմակերպելով փոխադարձ միջոցառումներ, յատկապէս մանկավարժական, այժմէական ու բարոյական հարցերու շուրջ:

Մեր աշակերտութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած է այդ զեկուցումներուն, այլեւ գործօն մասնակցութիւն բերած անոնց քննարկումներուն ու խորհրդակցութիւններուն, որովհետեւ հոն տեսած է կարեւոր և օգտակար ցուցմունքներ, իր անհատականութիւնը կերտելու և իր ապագան կազմաւորելու իմաստով:

*

*     *

Վերջերս, յաջորդական հանդիպումներ եւս տեղի ունեցան կազմակերպութեան կարգ մը պատասխանատուներուն և մեր վարժարաններու 10րդ և 11րդ դասարաններու աշակերտութեան հետ, որոնք դարձեալ բնորոշուեցան իրենց շահեկանութեամբ, օգտաւէտութեամբ և ուսանելիութեամբ:

Արդարեւ, մեկնելով մեր առօրեայէն ու շրջապատին մէջ գոյութիւն ունեցող հրատապութիւններէն, անոնք ըլլան կրթական, ուսումնական, երիտասարդական, մասնագիտական կամ ապագայական մարզերէն ներս, զեկուցումներ-քննարկումները յաւելեալ հետաքրքրութեամբ շարունակուաեցան:

Այսպէս. հմտութեան, մտացիութեան, ուշիմութեան բարեմասնութիւնները ինչպէ՞ս բնութագրել, ո՞ւր շեշտը դնել անոնց հասունացման և առաջացման, բացատրելով անոնց կազմաւորման հանգրուանները և անոնցմէ օգտուելու կարելիութիւնները, դաստիարակչական, ուսուցողական թէ հոգեբանական դիտանկիւններէ, միշտ կենդանի օրինակներ ու պատկերներ ցուցաբերելով:

Նմանորինակ նիւթերով ու փաթեթներով, զեկուցումները այնքան առարկայական ու թափանցիկ էին, մանաւանդ որ՝ անոնք առընչուած էին նոր սերունդին նկարագրային, յատկանշային ու բարենշային կազմաւորումներուն հետ, հետեւաբար, կարօտ՝ համապատասխան կարգով հաղորդակից դառնալու անձնակերտումի ճշգրիտ ընտրութեանց հետ:

«Ուազնաթ»ը, այս ուղղութեամբ, բարեբեր ու շնորհակալ նախաձեռնութեան մէջ կը գտնուի, որմէ կ'օգտուի նաեւ մեր աշակերտութիւնը, հոն՝ ուր կը տեսնէ իր նախասիրութիւնը կամ կողմնորոշումը, թէ՝ անհատականութեան, թէ՝ անձնական, թէ՝ հաւաքական տեսիլքներով, որոնք կը բանան հաւանական նոր հորիզոններու հնարաւորութիւնները:

Կազմակերպութեան պատասխանատուները մեծապէս շնորհակալ են մեր աշակերտութեան ուշիմութեան ու հետաքրքրութեան արժանիքներէն, իսկ մեր տնօրէնութիւնը և աշակերտութիւնը, իրենց ստացած հարուստ մտապաշարներով:

IMG-20220307-WA0070.jpg
180 KB
View
IMG-20220307-WA0074.jpg
137 KB
View

Name
Title
Comment