Յատկանշական Յայտագիր - «Ֆրանքօֆօն»եան Տօնակատարութիւն

Thu, 9 Jun 2022

ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու աշակերտութիւնը տօնախմբութեան մէջ էր:  Կատարեալ ցնծութիւն և ոգեւորութիւն, որոնք կը պատէին ոչ միայն դպրոցաշէնքը, այլեւ ամբողջ թաղամասը:

Պատճառը, այս անգամ, «ֆրանքօֆօն»եան տօնակատարութիւնն էր, երբ ֆրանսական կարգավիճակը, իր լեզուով, մշակոյթով ու քաղաքակրթութեամբ, իր ազդեցութեան գօտիները ունեցաւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն վրայ, խոր կնիք ձգելով անոնց վրայ, աշխարհաքաղաքական, կենցաղային, միջպետական ու համագործակցական առումներով:

Այնուհետեւ, անոնք դարձան աւանդական նշումներ, ոչ միայն՝ բարձրագոյն մակարդակներով, այլեւ՝ համաժողովրդային, կրթական, հանրային և այլ բնագաւառներով, որոնց մէկ համեստ ոգեկոչումն էր, 5 Ապրիլի Երեքշաբթի օրուան ձեռնարկը, մեր վարժարաններու աշակերտութեան և ուսուցչակազմին համամասնակցութեամբ:

Շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, ամբողջովին ողողուած էր ֆրանսական ու լիբանանեան դրօշակներով, մինչ աշակերտութեան ճակատներն ու այտերը կը փայլէին դրօշակներու գծանկարային կրկնօրինակներով:

Ակնյայտ էր, որ ամէն ոք լաւագոյնս պատրաստուած էր դիմաւորելու տօնակատարութիւնը, իր գեղարուեստական յայտագիրով, խօսքային արտայայտութիւններով, պատմական քաղուածքներով, որոնք բոլորն ալ կը յուշէին օրինակելի մթնոլորտի մը ազնուագոյն մօտեցումները, հանդէպ առիթը այս յարգանքի կայացումին:

Տօնակատարութիւնը ընթացաւ ֆրանսերէն լեզուով, բայց, հայու շրթներով ու կատարողութեամբ, հայկական շունչով և արտայայտչականութեամբ, ուր կար ֆրանսերէնի լեզուագիտակութեան և առոգանութեան գնահատելի պաշար ու փորձառութիւն, յայտագիրը դարձնելով հարազատ պատկեր մը ամբողջ անոր տեսաերիզին:

Ռազմաքայլերգային հոյակապ հնչեղութենէն ետք, ընթացք առաւ իրապէս ճոխ ու բազմաբովանդակ յայտագիր մը, երբ անոր մաս կազմեցին՝ արտասանութիւն, պար, երգ, զանազան տարբերակներով ու դրսեւորումներով, խանդավառելով ու պարուրելով աշակերտութիւնը, որ իր ծափերով ու բացականչութիւններով, իր ուրախութիւնը կը բարձրաձայնէր:

Յատկանշական առաւելութիւն մըն էր, որ եղան նաեւ պատմական, նկարագրական վկայութիւններ ու տեղեկութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին Ֆրանսայի պատմութենէն հանգրուաններ, զարգացումներ, յառաջխաղացքներ և ընդհանրապէս  շահեկան պահեր, որոնք ցոյց կու տային թէ անիկա ինչպիսի դերակատարութիւններ ունեցած է և ինչպէս դարձած է ազդեցիկ ուժ մը, շրջանի համակեցութեան մարզերէն ներս:

Այս առիթով, կ'արժէ յիշել այն աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք իրենց երեւումներով ծաղկեցուցին յայտագիրը, Էլենա Մարսուպեան, Այգ Չըլտըրեան, Մարալ Կիրիթլեան, Կարէն Պաղսարեան, Պերճ Կէօքճեան, Ճորճիօ Քլէյանի, Մարիթա Քլէյանի, Ժանէթ Ճունթոյեան, Կայէլ Զոպոյեան, Ժոզէֆ Նազարեան, Ճոն Պետիկեան, Ալեքսիա Արթին, Թալիա Երեմեան, Մարիա Աճեմեան, Ռայըն Պետիկեան, Մարիլին Քարամ, որոնք անհատաբար թէ հաւաքականօրէն, արժանիօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին այս պատեհութեան գովելի կենսունակութեան վայելքին:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց յայտագիրին բոլոր մասնակիցները, որոնք արժեցուցին «ֆրանքօֆօն»եան յիշատակութեան արձանագրութեան նշումը, յատկապէս յիշելով ֆրանսերէնի ուսուցչուհիներ՝ Տիկ. Աննա Արթինը եւ Տիկ. Ճոյս Ռուհանան, որոնք իրենց բերած նպաստով ու հետեւողականութեամբ, օժանդակած էին այս բոլորին յաջողութեան, նաեւ Օրդ. Սօսի Ալոզեանին, Վարիա Ճունթոյեանին և բոլոր անոնց որոնք սատարեցին այս յայտագիրին պատրաստութեան, դասաւորումին և յաջողութեան:

*

*     *

Կ'արժէ յիշել նաեւ այն համեստ, այլեւ համեղ հիւրասիրութիւնը, պատրաստութեամբ՝ Տիկ. Աննա Արթինի եւ 11-րդ Դասարանի խումբ մը աշակերտներու, որ մատուցուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն և աշակերտութեան, առ ի գնահատանք բոլորին աջակցութեան ու գործակցութեան:

DSC_3152.JPG
2.8 MB
View
DSC_3175.JPG
2.6 MB
View
DSC_3209.JPG
3.6 MB
View
DSC_3224.JPG
3.3 MB
View
DSC_3252.JPG
2.3 MB
View
DSC_3271.JPG
3.2 MB
View
DSC_3297.JPG
3.1 MB
View
DSC_3323.JPG
3 MB
View
DSC_3329.JPG
2.7 MB
View

Name
Title
Comment