ՀԲԸՄի Վարժարաններու Մանկապարտէզի Զուարթ Վերամուտը

Fri, 22 Oct 2021

Չորեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2021ին, աշնանային գեղեցիկ օրուան մը կը զուգադիպէր ՀԲԸՄի Վարժարաններու  Մանկապարտէզի վերամուտը:

Նոր աշակերտներու համար դժուար էր բաժնուիլ իրենց ծնողներէն, սակայն ուսուցչուհիներու ժպիտն ու գուրգուրոտ մօտեցումը համոզիչ էին և օգնեցին որ փոքրիկները շուտով շաղուին նոր միջավայրին հետ:

Առաջին զանգին յաջորդեց առաջին աղօթքը, որմէ ետք Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց երեխաները ու բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին:

Փոքրիկները, դաստիարակներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան գեղեցկօրէն զարդարուած իրենց դասարանները, ուր հերթաբար ծանօթացան ուսուցչուհիներուն և անոնց դասաւանդած նիւթերուն, ինչպէս նաեւ խաղացին մանկական խաղալիքներով  օժտուած սիրուն խաղավայրին մէջ:

Ժամերը արագ սահեցան ու կէսօրին, մեր ժրաջան սաները վերամուտը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքները հպարտօրէն բռնած՝ ուրախ տրամադրութեամբ տուն մեկնեցան:

Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2021ին, Մանկապարտէզի Ծիլ դասարանը վերաբացաւ իր դռները և ճաշակով յարդարուած տաքուկ յարկին տակ ընդունեց սիրասուն մանուկները:


Name
Title
Comment