ՀԲԸ Միութեան Վարժարանները Երկիւղածութեամբ և Յանձնառութեամբ Կ’ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ Տարելիցը

Sun, 2 May 2021

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, այս տարի, աւելի քան բովանդակալից ու նպատակային էր, քանի ոչ միայն կը յիշուէր 106 տարի առաջ գործադրուած հաւաքական ցեղասպանութեան եղելութիւնը, այլեւ ինքզինք կը գտնէր նորօրեայ յաջորդական ուրիշ վայրագութիւն մը առջեւ, ի տես Արցախի դէմ շղթայազերծուած ահաւոր ոտնձգութիւններուն:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը միշտ կը հանդիսանայ վերանորոգ հանգրուան մը, անդրադառնալու անոր տխուր ու ճակատագրական հետեւանքներուն և անոնցմէ առաջացած ողբերգութիւններուն:

Այդուհանդերձ, վերազարթօնքի ու վերապրումի մէջ գտնուող հայ ժողովուրդը, անկոտրում հաւատքով և անբեկանելի վճռակամութեամբ, ինքզինք պահած է կանգուն, կառչած՝ արմատներուն, ու մանաւանդ՝ իր պահանջատիրական իրաւունքներուն, ի դէմս թրքական ուրացումներուն, երբէք չհրաժարելով իր անժամանցելի արդարութեան ընտրանքներէն:

Նոր իրերայաջորդ սերունդներով, ա՛յս հաւատքով ու մեկնակէտով դաստիարակուած են, ընտանիքներէն, միջավայրերէն թէ դպրոցներէն ներս որուն կրկնուող ու վերանորոգուող ապացոյցն էր այս տարուան Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցի ոգեկոչումը:

Արդարեւ, 24 Ապրիլ 2021ին, երկու բաժիններով, Նախակրթարանի և Միջնակարգ-Երկրորդականի, Միութեան վարժարաններու աշակերտութիւնը, յատուկ ակնածանքով, պատրաստութեամբ և յայտագիրներով, նշեց յիշատակները իր բիւրաւոր նահատակներուն:

Ա. Նախակրթարան

Լիբանանի, Հայաստանի ու Բարեգործականի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, առցանցային կատարողութեամբ, սանուհի Էլէնա Մարսուպեան, հրաւիրեց Օրդ. Նայիրի Ճիճին, որ հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցչուհի է ՀԲԸՄի Ալեք Մանուկեան վարժարանի մէջ (Մոնթրէալ, Քանատա), իր սրտի խօսքով հանդէս գալու:

Ան՝ աշակերտութեան սրտամօտիկ ու հարազատ ոճով և հաղորդականութեամբ, պատմական արագ ակնարկէ մը ետք, խօսեցաւ Մեծ Եղեռնին տուն տուող պատճառներուն, իրադարձութիւններուն, զարգացումներուն ու ծրագիրներուն մասին, աշակերտութեան վրայ ձգելով պատկերաւոր համոզիչ տպաւորութիւն, հիմնուելով իր մանկավարժական, նկարագրական ու դիտողական փորձառութեան վրայ, ինչ որ՝ հասկնալի ու հասանելի էր աշակերտութեան համար:

Աշակերտական յայտագիրը, իր բովանդակութեամբ և կատարողութեամբ, բոլորին կողմէ ոգեշնչող էր, այսպէս՝

– Արտասանութիւն՝ «Մենք Խաղաղ Էինք» (Յովհ. Շիրազ), Վանա Տաքեսեան, Տիգրան Սիմոնեան, Մակտալենա Պալճեան

– Արտասանութիւն՝ «Ապրիլ 24» (Առաջին դասարանի աշակերտներ)

– Երգ՝ «Հայորդիք», Մկրտիչ Թէքիրեան

– Ասմունք՝ «Իմ Սուրբ Հայրենիք», (Յովհ. Շիրազ), խումբ մը Առաջին դասարանի աշակերտներ

– Պար՝ «Չինար Ես» Շանէլ Էլսուէյտի

– Պատմական Ակնարկ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին, Գարլ Շէքէրճի, Ալիսիա Թորոսեան, Մարիլին Տէր Արթինեան, Քրիսթիան Պաղտասարեան, Լուքաս Շէքէրճի, Ալեքս Ճունթոյեան, Սէրլի Կանանեան, Ռազմիկ Արնըլեան, Գէորգ Փարթամեան, Քաթարինա Սահակեան, Սէրլի Գաբրիէլեան, Ճէնի Սիմոնեան, Թալիա Ապտըլնուր

– Արտասանութիւն՝ «Քառեակ» (Յովհ. Շիրազ),  Մարիթա Քլէյանի

– Երգ՝ «Գետաշէն», Կարէն Մազաքեան

– Հատուած՝ Ուիլեմ Սարոյեանէն՝ Վանա Տաքեսեան, Անտրիւ Հաժժի

– Պար՝ «Գարուն Ա», (Կոմիտաս) Էլէնա Մարսուպեան և Լարա Սահակեան

– Երգ՝ «Բարով Եկար Սիրուն Կռունկ», Յասմիկ Գասապեան

– Արտասանութիւն՝ «Մեզ Էն Գլխից» (Յովհ. Շիրազ), Ռայըն Ադամեան, Կալին Գալտընեան, Մարկարիթա Տալտալեան, Էնտրիւ Հաժժի

Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, իր սրտի խօսքով, կարեւորելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս առիթը ու մեր աշակերտութեան բերած շնորհաբեր մասնակցութիւնը, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Օրդ. Նայիրիին, իր խնամակալ և օգտաշատ խօսքին համար, յայտագիրին մաս կազմող աշակերտութեան, նաեւ՝ համադրող ուսուցչուհիներուն՝ Տիկ. Վարիա Ճունթոյեանին, Տիկ. Հայարփի Ճերեճեանին և Տիկ. Մեղեդի Քէսապլեանին:

Բ. Միջնակարգ-Երկրորդական

Լիբանանեան-Հայաստանեան-Միութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացումը կատարեց՝ սան Շիրազ Տեմիրճեանը, որ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցի պատմական նշանակութիւնը, ապա՝ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, արտասանական արտայայտութիւններով, մասնակցութեամբ՝ Ժանէթ Ճունթոյեանի, Հրաչ Կէպէնլեանի, Սերժիօ Նագգաշեանի, Լունա Պապահէքեանի, Կայէլ Զոպոյեանի, Էնտրիւ Յակոբեանի, Քրիստիան Խարապոյեանի, Փաուլօ Գալայճեանի:

Հուսկ՝ հետեւեալ կարգով ընթացաւ յայտագիրը, իր բովանդակութեամբ և իւրաքանչիւրի գովելի մասնակցութեամբ,

  • Երգ՝ «Տուն Իմ Հայրենի», տպաւորիչ կատարողութեամբ՝ Պետրոս Յովհաննէսեանի
  • Սրտի խօսք՝ Պրն. Հրաչ Սեփեթճեանի կողմէ, որուն կենսագրութիւնը ներկայացուց՝ Փաթիլ Մավլեան:

Պրն. Սեփեթճեան, իր վարժարանին հարազատութեամբ ու սրտամօտիկութեամբ, տպաւորեց աշակերտութիւնը, խրախուսեց անոր հայասիրութիւնը, ապա, խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին և անոր հաւատարիմ մնալու վճռակամութեամբ երէկը, այսօրը և վաղը շաղկապելով, որպէս հայ ժողովուրդի գրաւականներէն ամրակուռ օրինակ:

Ան յոյս ու հաւատք յայտնեց, որ այս և յետագայ սերունդները կը դառնան հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան դրօշակակիրներէն, որովհետեւ այլընտրանք չկայ, բացի նուիրուելու ու ծառայելու ազգային հրամայականներուն ու հիմնախնդիրներուն:

  • Պար՝ Ժանէթ Ճունթոյեանի հեզաճկունութեամբ
  • Հայ ժողովուրդի վերապրումի ճիգերէն իրենց բերած օտար հարասէրներէն պատմական յիշատակելի վկայութիւններ (Կարէն Պաղսարեան, Մարտիկ Խաչատուրեան, Այգ Չըլտըրեան)
  • Արտասանութիւն՝ «Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ» (Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեան), Մելոտի Էլսուէյտի գովելիութեամբ
  • Նուագ՝ «Ատանայի Ողբը» Հրակ Նագգաշեան
  • Մարք Շամլեան հրաւիրեց Պրն. Տնօրէնին իր սրտի խօսքը փոխանցելու:

Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան խորհրդածական ու քաջալերական խօսքով հանդէս եկաւ ու շեշտեց 106 ամեակի խորհուրդին անժամանցելիութիւնը, ապա, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր վարժարանէն շրջանաւարտ, ազգային-միութենական-կրթական մշակ՝ Հրաչ Սեփեթճեանի շինիչ ու շահեկան պատգամին, նաեւ՝ համադրող ուսուցիչներ՝ Տիկ. Մանուշակ Ալեքսանեանի և Պրն. Պարոյր Աղպաշեանի տարած ճիգերուն:


Name
Title
Comment