Արժանավայել Տօնակատարութիւն՝ ՀԲԸՄի 115-Ամեակին Առիթով

Sat, 1 May 2021

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տարեդարձները, միշտ ալ առիթ եղած են այս համաժողովրդական կազմակերպութեան գործունէութեան անդրադառնալու, աշխատանքները գնահատելու, դերակատարութիւնը շեշտելու, իր ազգային, մարդասիրական, բարեսիրական, կրթական, մշակութային, երիտասարդական բազմաշերտ մարզերով:

Միայն երախտապարտութիւնը չէ որ կը շեփորուի այս առիթով, այլեւ՝ բացարձակ անհրաժեշտութիւնը անոր անփոխարինելիութեան, որ, ահաւասիկ, 115 տարիներէ ի վեր, հպարտօրէն կը մնայ պատուանդանի վրայ, նուիրուելու ու ծառայելու ժողովուրդին, հայրենիքին, եկեղեցիին, մշակոյթին, կրթութեան ու նորանոր սերունդներու դաստիարակութեան:

Այս տարի, Միութեան հիմնադրութեան տարեդարձը, աւելի կը պարտաւորեցնէր զայն նշել արժանավայել շուքով, որովհետեւ անոր բերած նպաստը՝ Հայաստանին և Արցախին, Լիբանանահայութեան և առ հասարակ սփիւռքահայութեան, եղաւ խիստ կարեւորելի և արձանագրելի, ի տես այն հրատապ հրամայականներուն, որոնց անմիջական կարիքը ունէին անոնց մեծ մասը:

Այս առաջադրանքներէն մեկնելով, Միութեան վարժարանները՝ իրենց զանազան բաժանումներով, ձեռնարկած էին 115րդ տարեդարձին տալու յատուկ փայլք, հմայք, դպրոցական մակարդակով զայն նշելու:

Արդարեւ, 16 Ապրիլ 2021ը, այս իմաստով, եղաւ իրապէս յիշատակելի, երբ Նախակրթարանի, Միջնակարգ-Երկրորդականի դասարանները հանդէս եկան, առցանցային եթերներով, առանձնաբար, բայց, նոյն նպատակին համար, նշելով այս պատմական հիմնադրութեան տարեդարձը:

Առաջին իսկ պահէն, արդէն յայտնի էր, որ աշակերտութիւնը, մանաւանդ գեղարուեստական յայտագիրներու մաս կազմողները, որքան անհամբեր էին, խանդավառ և ոգեւոր, իրենց մասնակցութիւնը բերելու իրենց սիրեցեալ միութեան տարեդարձին:

Ա. Նախակրթարան

ՀԲԸՄ-ի 115-Ամեակի Առցանց Տօնակատարութիւն - Նախակրթարանի Դասարաններ

Լիբանանի, Հայաստանի, Բարեգործականի քայլերգներէն ետք, խօսք առին՝ ՀԵԸի Անդրանիկ Սեւան և Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական խումբերու խմբապետներ՝ եղբ. Ժիրայր Թոսունեան և Եղիկ Աւետիքեան, որոնք՝ ըլլալով Միութեան վարժարաններու շրջանաւարտներէն, նաեւ սկաուտական, մարզական, թատերական ու համալսարանական շրջանակներէն, խօսեցան իրենց դպրոցական ու միութենական կեանքէն, իրենց յուշերէն և փորձառութիւններէն, թէ՝ որքան սորված էին այդ բոլորէն, տուն-դպրոց-ընտանիքը նկատելով իրենց հարազատ տունը, մաղթելով որ ամէն ոք կ’անցնի այդ հանգրուաններէն, կը ծառայէ Միութեան և իր ժողովուրդին:

Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրը մեկնարկեց, ուր երգը, պարը, արտասանութիւնը ճոխացուցին մթնոլորտը, բայց, ամենէն աւելի տպաւորողը և գօտեպնդողը այն էր, որ նոր սերունդի կրտսեր ներկայացուցիչները, հայերէն, արաբերէն և անգլերէն լեզուներով կրցան Միութեան պատմութիւնը ներկայացնել, իր ամենէն մանրամասնութիւններով ու նրբութիւններով, անցեալին ու ներկային, պատկերազարդ ցուցադրութիւններով, ուր Միութիւնը ինչպիսի ներդրումներ և իրագործումներ արձանագրած է, անդրադառնալով նաեւ՝ Արցախին ու Լիբանանին, որոնցմէ առաջինը ենթարկուեցաւ ազերիական յարձակումներուն, իսկ երկրորդը՝ 4 Օգոստոս 2020ի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին, այս առիթով, յիշելով այն հսկայական նպաստները, որոնցմով Միութիւնը օգտակար դարձաւ բոլոր կարիքաւորներուն, սննդեղէններով թէ բնակարանային նորոգութիւններով:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց մասնակից աշակերտութիւնը և այս ձեռնարկին յաջողութեան համար, տիկիններ Ռիթա Աբրահամեանն ու Միրէյ Ապու Ապտալլան, միաժամանակ՝ յիշեցնելով որ Միութիւնը միշտ պատրաստ է իր ժողովուրդին կողքին կանգնելու, ինչպէս այժմ կը պատահէր:

Բ. Միջնակարգ-Երկրորդական

ՀԲԸՄ-ի 115-Ամեակի Առցանց Տօնակատարութիւն - Միջնակարգ եւ Երկրորդական Դասարաններ

Նոյն օրը, ժամը 2:30ին, 115րդ տարեդարձը դարձեալ ճառագայթեց, միջնակարգ և երկրորդական դասարաններուն համար, որ հոյակապ առիթ մը դարձաւ միութեան փառապանծ ներգործունէութիւնները լուսարձակի տակ առնելու, երիզապատումով, գեղարուեստական յայտագրի մատուցումով և օրուան պատգամին փոխանցումով:

Հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄի քայլերգները, հպարտութեամբ ու լիացութեամբ համակելով ունկնդիրները, որմէ ետք՝ ընթացք առաւ առցանցային հանդիսութիւնը.

– Խումբ մը աշակերտներ (Համբիկ Մարտիրոսեան, Ճօուի Ապտըլնուր, Կարօ Կիրիթլեան) բացման խօսքով հանդէս եկան, պատկերաւոր կերպով ներկայացնելով Միութեան պատմականը, իր հիմնումով, ծրագիրներով ու գործունէութիւններով, նաեւ՝ ընթացիկ տարեշրջանի ընթացքին կատարուած մարդասիրական, բարեսիրական ու ծառայասիրական աշխատանքներուն ու կրթական կեանքին բերած օժանդակութիւններով – կրկաթոշակներու անվճարութիւն, մեծապէս տպաւորիչ դարձնելով պահուան լրջութիւնը:

– Նարեկ Կարապետեան, «սաքսիֆոն»ով, նուագեց «Տուն Իմ Հայրենի»ն, մթնոլորտին համապատասխան երաժշտութեամբ:

– Մարալ Կիրիթլեան, Պերճ Կէօքճեան և Արփի Սարեան, հաղորդական ոճով, արտասանեցին «Բարեգործականին» ոտանաւորը (հեղինակ՝ Համբիկ Մարտիրոսեան):

– «Գայիանէ» պար (Արամ Խաչատրեան), հաճելի մենակատարութեամբ Մելոտի Էլսուէյտիի:

-«Կիլիկիա» երաժշտութիւն-նուագը հոգեպարար տրամադրութիւն ստեղծեց, Համբիկ Մարտիրոսեանի կատարողութեամբ:

Օրուան խօսքը ներկայացնելու համար, հրաւիրուած էր                       ՀԲԸՄ-ՀԵ Ընկերակցութեան կեդրոնական վարչութեան ժրաջան անդամներէն, երկարամեայ վեթերան ու գործօն միութենական՝ Պրն. Գէորգ Սանթուրեանը:

Համապարփակ զեկուցումով, ան կրցաւ Միութեան առաքելութեան տուն տուող պատճառներուն անդրադառնալ, յիշելով այն գնահատելի ներդրումներն ու օժանդակութիւնները, որոնք կատարուած են շուրջ մէկ դարէ ի վեր, միշտ հարազատ մնալով հիմնադիրներու տեսիլքներուն ու սկզբունքներուն:

Պրն. Սանթուրեան, նաեւ արտայայտուեցաւ այն դրսեւորելի նուաճումներուն և իրագործումներուն, որոնք եղան Միութեան գոյութեան երաշխիքներէն, ազգային, կրթական, խնամատարական,  երիտասարդական և ընկերային մարզերէն ներս, ուր Հայաստանն ու Արցախը, Ս. Էջմիածինը և ընդհանրապէս հայութեան կողքին մնալը նկատելով Միութեան հիմնական ուղիներէն ու ծրագիրներէն:

Ան կարեւորեց յատկապէս Միութեան այն շնորհակալ և ազգանուէր դերը Լիբանանի մէջ, մանաւանդ անցնող շուրջ մէկուկէս տարուան ընթացքին, անոր բերած վիթխարի նպաստներով, օգնութիւններով ու ձեռներէցութիւններով, դրուատելի գտնելով բոլոր պատասխանատուներն ու աջակիցները գլխաւորութեամբ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Պրն. Ժէրար Թիւֆէնքճեանի և իր գործակիցներուն:

Ելոյթով ու պատկերներով, պատմութեամբ ու նկարագրութիւններով այս առիթը, ոչ միայն ուսանելի էր, այլեւ՝ հպարտութիւն պարգեւող գոհունակութիւն մը, որ թէ աշակերտական մասնակցութիւններով, թէ Պրն. Սանթուրեանի խօսքերով անոյշ յիշատակներ կենդանացուցին ու միութենական վերանորոգ ոգիով վարակեցին բոլորը:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանի սրտի խօսքը, այս բոլորին թարգմանը հանդիսացաւ, վերահաստատելով Միութեան ազգամեծար հովանաւորութեան ու հոգատարութեան արժանաւորութիւնը, որուն համար, հպարտ պէտք է զգայ իւրաքանչիւր հայ, գովելով աշակերտութեան նուիրեալ մասնակցութիւնը, Պրն. Սանթուրեանի սրտաբուխ ու խնամեալ զեկուցումը, նաեւ այս յայտագիրի պատրաստութեան նպաստող ուսուցիչներ՝ Տիկ. Արմիկ Եաղլեան ու Պրն. Պարոյր Աղպաշեանի աշխատանքները:


Name
Title
Comment